Всего за 0.9 руб. Купить полную версию
Ու գլուխն երերտկալէն ու հասակը ճօճելէն՝ երբ սկսաւ հեռանալ, ես դե՜ռ անշարժ մնացած կը դիտէի լեռնցի տիտանի իր ահագին կերտուածը…։ Գաճաճ թէ հսկայ, մարդ որքա՜ն փոքր է բնութեան անյեղլի ու ահաւոր օրէնքներուն առջեւ։
Այս տեսակցութիւնը տեղի կ՚ունենար երէկ։ Այսօր, կիրակի, իր հասցէին կը դիմէի։ Այդ առիւծին ձագուկները իրենց բոյնին մէջ տեսնելու հետաքրքրութիւնը քայլերս կը փութացնէր։ Բայց այս ի՜նչ մութ փողոցներ, այս ի՜նչ նեղ տուներ։ Այդ օտարական մարդը ինչպէ՜ս գտեր էր այս թշուառութեան օճախները։
Առիւծներու բո՞յնը։ Ցած սենեակ մը, մերկ ու գորշ պատերով։ Սենեակին չորս անկիւնները՝ չորս տախտակէ անկողիններ, չորս դագաղներու պէս, գետնէն թիզ մը բարձր։ Սենեակին մէջտեղը՝ փոքրիկ սեղան մը, նոյն տախտակէն կտրուած։ Սեղանին վրայ՝ քարիւղի եփոց մը։
Հիմա կը հասկնամ թէ ինչո՞ւ երէկ կը քաշուէր զիս տուն հրաւիրելու։
– Ներեցէք ինծի, պարո՛ն բժիշկ։ Եթէ մեր երկիրն ըլլար, հարկաւ այսպէս չէի ընդուներ ձեզ։ Պանդխտութեան վիճակն է այս։ Այս դագաղներն ու այս սեղանն ես եմ շիներ։ Տեսէ՛ք, մատներս հազար տեղէ արիւնած են ու ձեռքերս սառ ջուրի մէջ ճաթռտելէն կը մզմզան։ Կերակուրնին, կարկտաննին , լուացքնին ալ ես կ՚ընեմ…։ Որբուկներուս մայրութի՜ւն…։
Ու այս բոլորը ինչո՞ւ. ժառանգական ախտի մը համար՝ որուն դարմանն անհնարին էր։ Սխալը անգամ մը գործուելէ վերջ՝ անկարելի՛ էր սրբել։ Ա՜լ ուզածին չափ մայրութիւն ընէր, տղայութեան սխալը մի՛շտ աւելի պիտի կշռէր նժարին մէջ…։
Դատաւորներու օրէնքին պէս բժշկութիւնն ալ իր օրէնքներն ունի, բայց որքա՜ն աւելի ահաւոր, անդրդուելի, անյեղլի, վրէժխնդիր օրէնքներ։
Մէ՛կ բան կը մնար ինծի ընել, իրեն խորհուրդ տալ որ ժամ առաջ երկիր վերադառնար։ Բայց ան որքա՜ն գէշ կը հասկնար իմ միտքս. իրեն այնպէս կը թուէր որ իր աղքատութեա՛ն համար կը մերժէի դարմանս։
– Փո՜րձ մը, բժի՛շկ, փո՜րձ մը ըրէք…։ Բժշկութիւնն ինչո՞ւ մեզի դեղ մը զլանայ…։ Եթէ ունեցածս չի բաւեր՝ ամբողջ կեանքովս ես ձեր գերին, ձեր ստրուկը, ձեր պահապանը ըլլամ… փո՜րձ մը, բժի՛շկ, փո՜րձ մը, փո՜րձ մը…։
Յանկարծ լռեց. որովհետեւ դուրսէն դուռ բացուելու ձայն մը լսուեցաւ. տղաքներն էին։
– Յովհաննէ՜ս… Կարապե՜տ… Մարիա՜մ… – գոչեց հայրը։
Թաշկինակին ծայրով աչերը չորցուց ու անգամ մըն ալ ձայնը բարձրացուց.
– Յովհաննէ՜ս… Կարապե՜տ… Մարիա՜մ…։
Սեմին վրայ երկչոտ գլուխ մը երեւցաւ, յետոյ ուրիշ մը, յետոյ պզտիկ աղջկան գլուխ մը…։ Առիւծին ձագերը…։ Բայց որքա՜ն խղճալի, որքա՜ն ճռզած, որքա՜ն անարիւն էին այս հսկային զաւակները։ Խուլութիւնը՝ իրենց արտայայտութեան զգուշաւոր երկչոտութիւն մը տուեր էր։
– Մի՛ վախնաք, զաւակնե՛րս… նե՛րս մտէք… բժիշկին ձեռքը պագէք… Յովհաննէ՛ս… Կարապե՛տ… Մարիա՛մ։
Բայց անոնք տեղերնէն չէին երերար։ Հայրը գնաց, ձեռքերնէն բռնեց, ներս մտցուց, ծունկերուն վրայ նստեցուց, շոյեց , համբուրեց։
Այսպէս, քիչ֊քիչ դուրսը մութն իջեր էր արդէն. պատուհանները սեւցեր էին, տղաքներուն պառկելու ժամն եկեր էր։
– Այսօր կիրակի է, զաւակնե՛րս աղօթքնիդ մի՛ մոռնաք։
Երեք որբուկները քով քովի շարուեցան՝ հասակի կարգով, ճիտերնին ծռեցին , աչերնին վեր դարձուցին, ու սկսան աղիողորմ երգել.
Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա,
Յիսո՜ւս փրկիչ, մեզ ողորմեա՜։
Այս ի՜նչ երգ, այս ի՜նչ երգ, Աստուա՜ծ։ Ու քանի՜ տարի է չէի լսեր այս բարի ու ահաւոր մեղեդին։ Վերէն ի վար սարսուռ մը անցաւ վրայէս, մարմինս փուշ֊փուշ եղաւ։ Ի՜նչ տարօրինակ համոզումով կ'երգէին այդ թրքախօս բերանները։ Բայց այս բարի, այս աղաչաւոր, այս գալարուն, այս ահաւոր երգը մե՜ր երգն էր, «Կռունկ»ին պէս, ցեղի՛ն ու հողի՛ն երգը, գերագոյն տառապանքին ու գերագո՛յն յոյսին երգը։
Սակայն ի՜նչ ահռելի ծանրութիւններ կը ստանային այդ բառերը մանուկ շրթներու վրայ։
Տո՛ւր աշխարհիս խաղաղութիւն,
Մեղաւորաց դարձ եւ զղջում,
Եւ հիւանդաց այցելութիւն, կը հայցէին արծաթաձայն որբուկները, ճիտերնին ծռած։
Մեղաւորաց դա՜րձ եւ զղջում կը կրկնէր հայրը, ձեռքերուն մէջ սեղմելով իր գլուխը։
Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա…
Ու ես գիտեմ որ այս գիշեր նորէն, երբ խաւարը լեցնէ այդ ահաւոր սենեակը, ու երբ երեք որբուկները իրենց անմեղի քունը քնանան մշի՜կ֊մշի՜կ, չորրորդ դագաղին մէջ մէկը, իր խղճին վրայ պիտի հսկէ արթուն,– խուլերուն հայրը։
Լօզան, 1913
Գինովին աղջիկը
ԳԻՆՈՎԻՆ ԱՂՋԻԿԸ
Այդ օրը մոգական ընթերցումներով գլուխս լեցուցի, ու մագնիսական խառնակ մտածումներով փողոց նետուեցայ։
Գլխուս վերեւ գարնանային արեւ մը կար, այն առաջի՛ն արեւներէն՝ որ տաքցնելէ աւելի կը շոյեն, թուլցնելէ աւելի կը գինովցնեն։
Արե՛ւ մըն ալ ահա դիմացս. գարնանային աղջիկ մը, անոնցմէ՝ որոնք չեն այրեր՝ այլ հոգին կը գաղջեցնեն, չեն կիզեր՝ այլ կեանք կու տան։
Ուրախութի՜ւն մըն էր դիտելը իր կապուտակ աչերը՝ երկնքի պատառներու պէս։ Արեւի՛ գոյն մազերը՝ իր ուսերէն աւելի անցորդին աչերը կը շոյէին։ Անոր նայելով մարդ վայրկեան մը ինքզինք երջանի՜կ կը զգար ապրելէն, որովհետեւ այդ հասակի աղջիկները՝ երկու տարիներուն մէջտեղը՝ գեղեցկութենէն աւելի բան մը ունին իրենց վրայ…։
Կարելի՞ էր երեւակայել աւելի մեծ մոգութիւն, հրաշք մը, քան այն որ ահա դէմս էր, կը մօտենար, աչքս իր աչերուն մէջ…։ Քա՛յլ մըն ալ, ու յանկարծ տժգունեցաւ, ճիչ մը արձակեց եւ ուժգնօրէն ինկաւ՝ երկինքէն ինկող քարի մը նման։
Վազեցի, չէ՛ր շնչեր. ձեռքերը սեղմեցի, չէ՛ր զգար։ Երեսը գետնին՝ փայտի մը պէս ինկեր ու արդէն քարացեր էր մեռած թռչունի նման։ Թեւերն ու ոտները երկաթի պէս կարծր էին, շի՛փ֊շիտակ, մահուան շիտակութիւնովը…։
Բայց ասիկա վայրկեան մը տեւեց։ Կռնակին վրայ դարձուցի զայն, մարմինը սեղմող կոճակները խլեցի, կապերը թուլցուցի։
Այն ատեն տժգոյն երեսը կարմրեցաւ, կապուտցաւ. ահագին ճիգով դէմքին մկանները կծկտեցան։ Լեզուն՝ ակռաներուն մէջ ո՛ւժգնօրէն խածուած՝ կը գալարէր արիւնոտ։ Գլուխը մուրճի մը պէս կը ծեծէր սալայատակին քարերը։ Ձեռները, ոտները, ամբողջ մարմինը յանկարծ ֊յանկարծ կը դողային՝ վիզը կտրուած անասունի մը պէս։ Աչերը՝ գնդակներու պէս դուրս ցայտած՝ իրենց ճերմակութիւնը ցոյց կու տային ամբոխին, որ եկեր էր ամէն կողմէ, վրայէ վրայ խռնուած, հետաքրքրութիւնով ու երկիւղով լեցուն, կարծես թէ երկինքէն նետուած չար հրեշտակ մը ջախջախուէր այդ ցեխերուն մէջ…։
Յետոյ, գլուխներու մէջէն գլուխ մըն ալ երեւցաւ։
– Ես իր տունը գիտեմ, – ըսաւ, – գինով Սիմոնին աղջիկն է։
Ու ոտներէն, բազուկներէն բռնեցին տարին։
Ու ես կը խորհէի՜։ Ահաւասիկ դեռատի աղջիկ մը, գեղեցիկներու մէջ գեղեցիկ, կոյսերու մէջ կոյս, որուն մէկ ժպիտը բաւական էր դառնացած կեա՛նք մը ուրախացնելու։ Եւ սակայն,– ինչպէ՜ս ճիշդ կ ՚ըսէր պառաւ մը – ա՜լ թող սպասէ որ մէկը խնդրէ իր փափուկ ձեռքը…։ Ի՜նչ փոյթ թէ իր բոլոր բջիջները կեանքով ու երջանկութիւնով լեցուն են հիմա. անիկա դժբախտ պիտի ըլլայ, ուզէ՛ թէ չուզէ՜. ճակատագի՜ր…։
Բայց բնութիւնը իր մէ՜կ ըրածը ծածկելու համար՝ նմանօրինակ ու տարօրինակ ա՛յնքան ուրիշ ցաւեր ալ ստեղծեր է, որ ժամանակ չունիս մէկուն վրայ խորհելու, եթէ ոչ այդ մէ՛կը կրակոտ գամի մը պէս կը մխուէր ուղեղիդ մէջ…։ Սուրացող շոգեկառքի մը մէջն ես, հազի՜ւ ժամանակ ունիս պատուհանէդ բան մը տեսնելու, այդ տեսածդ չդատած՝ ուրիշ մը կը յաջորդէ անոր, ու հազա՜ր ուրիշներ։ Վարագոյրդ կը գոցես ու քո՜ւ ցաւերուդ վրայ կը խորհիս միայն։ Ու ահա՛ կեանքը. կաթիլ մը արցունք, անցուկը՝ մոռցո՜ւկ…։
Այսպէս է մանաւանդ հիւանդանոցի կեանքը։ Հոն թշուառութեան տեսարանները ա՛յնքան արագ կը յաջորդեն իրարու, որ բնա՛ւ ժամանակ չունիս խորհելու, եւ սակայն վարագոյրդ ալ չես կրնար գոցել՝ որովհետեւ ձեռքերդ ամէնուն վէրքին մէջ պիտի մխես։ Նո՛յն օրուան անկողնին մէջ ուր մեռելի մը դիակը դեռ չէ պաղած՝ նոր հիւանդ մը կը պառկի, ապրելու յոյսով…։ Նոյն երկաթէ սեղանին վրայ քանիներո՜ւ արիւնը իրար կը խառնուի ամէն օր, ու կը լերդանայ անկիւն մը…։ Ու այդ բոլոր ցաւերը ա՛յնքան նման են իրարու որ հազի՜ւ թէ կարենայիր զանազանել իրարմէ։ Անգամ մը սակայն զարհուրելի պարագայ մը ներկայացաւ։
Ձմրան առտու մը, տաքուկ սենեակիս մէջ նախաճաշս կ ՚ընէի՝ բոլո՛ր մասնիկներովս վայելելով այն երջանիկ հանգստութեան ժամը, որ առաւօտեան ժամն է հիւանդանոցին մէջ։ Յանկարծ մէկը արագ ֊արագ դուռս ծեծեց։ Գթութեան քոյրն էր, Մեծ֊քոյրը, տարիքոտը։ Բոլորովին տժգունած՝ ինծի բացատրեց որ այրուած կին մը բերեր ու արդէն իսկ գործողութեան սեղանին վրայ պառկեցուցեր էին։ Զարմացայ. այրուածները հազուագիւտ չեն. ինչո՞ւ ուրեմն այսքան այլայլեր էր այս կինը որ ահագի՜ն ցաւեր շոյած ըլլալու էր իր ծերունի ձեռքերուն մէջ…։
Իսկոյն վար վազեցի։ Գարշելի նեխութիւն մը փռուած էր սեղանին վրայ։ Երեսը ծածկեր էին որ հիւանդը չսոսկայ ինքնիրմէն։ Ամբողջ կուրծքը՝ վիզէն մինչեւ որովայնը՝ բաց վէրք մըն էր, վերէն վար։ Թեւերը աւելի սոսկալի էին, մորթը այրեր, ճարպը հալեր, մկանները սեւցեր, բարակցեր, կախուեր էին չուաններու պէս…։ Պէտք էր այդ բոլորը մաքրել, կտրել, նետել, ողջը մեռածէն զատել։ Բայց մկրատին դպած տեղը արիւնը կը բխէր, մելանի գոյն, թանձրացած կաթիլներով…։