Ու այդ հաստատուն , այդ աստուածավախ մարդը, տղո՛ւ մը պէս, տղո՛ւ մը պէս սկսաւ լալ…։
– Իմ կինս ինծի իր հարստութիւնը բերաւ։ Ան ինձ իր միամտութիւնն ու իր ժպիտը բերաւ, վա՜յ Աստուած, ես ի՜նչ տուի իրեն։ Ան կարծեց դրախտը մտնալ , ես իր դպած տեղը դժոխք ըրի։ Ան երախայ մը ուզեց, ես է՛ն սարսափելի հրէշը նետեցի իր ձեռքերուն մէջ։ Ան իր շրթներն ինծի մօտեցուց, ես իմ երախս բացի. նայէ՛, բժի՛շկ, բերա՞ն է այս…։
Իր բաց բերնէն գաղջ գարշահոտութիւն մը ելաւ. խորը, բերնին խորը, պատառոտած, խոռոչուած, կերուած տեղեր կային. տեղ֊տեղ կարմիր, արիւնոտ, ճերմկոտած, դեղնոտած. «որդնոտած » պիտի կարծէր անփորձ աչք մը։
Ու այս մարդը որ մարդերուն մէջ կը շրջէր, յարգուա՛ծ, որ խունկ ու սաղմոս կը բուրէր, որ այրերուն իբրեւ տիպար այր, աղջիկներուն իբրեւ տիպար ամուսին կը ցուցուէր, այս մարդը՝ իր մէ՛կ համբոյրով, հազար անգամ աւելի թունաւոր քան Յուդայինը, ամբողջ սերունդներ վարակելու պաշտօնը ունէր…։ Ու բախտը, որուն համար կո՛յր է կ՚ըսեն – հազարներո՛ւ մեղքը քաւելու համար կարծես դիտմամբ ընտրած էր այս խե՜ղճ քաւութեան նոխազը, այս պարկեշտ ու տգէտ մարդը, որ նոյնիսկ կ՚անգիտանար թէ իր մէկ լորձունքին մէջ ա՛յնքան վարակիչ ուժ կայ…։
Ոտքի ելաւ. գլուխը երերտկալէն՝ բռունցքը դէպի երկինք վերցուց, եւ կարծես թէ Մովսէսին երկու քարէ֊տախտակները վերցնէր իր երկու ձեռքերուն մէջ, անոնց բովանդակ ծանրութեան տակ ընկճուած՝ ինքնիրեն՝
– Մի՛ շնար… – ըսաւ։
Մի՜ շնար։ Այդ մէ՛կ բառին մէջ պատուէր մը ու պատուհաս մը կար, դաս մը ու դաւադրութիւն մը։ Բոլոր կիրքերը, փորձութիւնները, վայելքները, գաղտնի համբոյրները կը դատէր ու կը դատապարտէր այդ մէ՛կ բառը։ Մի՛ շնար… ամբողջ արքայութիւն մը ու դժո՛խք մը։
Ու երբ ան կը մեկնէր, ես անգա՛մ մըն ալ կը դիտէի իր հաստ փայտէ գաւազանը՝ որ իր անկայուն ու ինկող քալուածքը կ՚ապահովէր, իր մատները՝ որ թեթեւ մը կը դողային, իր թարթիչները որ վարագոյրի պէս վար իյնալու ձեւ մը ունէին, իր բիբերը՝ ասեղի ծակերուն պէս նեղ, ու կը նախատեսէի որ իր քայլերուն ետեւէն կ՚ երթար թապէսը, տռամին վերջին արարուածը, որ մարդուն վրայէն իր աստուածութիւնը կը վերցնէ՝ անոր ծննդագործութիւնը ջնջելով, որ զարհուրելի ցաւերով կը տանջէ, որ կ՚անդամալուծէ ու կը ստորնացնէ, որ մարդկային ամէն սրբութիւն գարշանքի մէջ կը լրացնէ, որ չի՛ մեռնիր, այլ ողջ֊ողջ կը փտեցնէ…։
– Մի՛ շնար…։
Լօզան , 1913
Կէս խենթը
ԿԷՍ ԽԵՆԹԸ
Գեղեցիկ առտու մը անակնկալ նամակ մը առի Պոլսէն։ Յայտնի ընտանիք մը կը խնդրէր ինձմէ իսկոյն Մոնթէ֊Քարլօ մեկնիլ՝ որովհետեւ հոն իրենց տղան յանկարծակի խենթեցեր էր, ու իբրեւ փաստ՝ ներփակ սա՛ տեսակ նամակ մը ղրկեր էին՝ տղուն կողմէ իրենց գրուած.
«Սիրելի սիրեցեալք
Գրութիւննիդ ստանալով ստանալուս պէս ստացայ ու պատասխանը գրելով գրելնիքէն կը գրեմ…»։
Ու այս ոճով 16 խոշոր երեսներ։ Բայց ինչ որ զիս պարունակութենէն աւելի հետաքրքրեց՝ գիրերուն ձեւն էր։ Հազար հինգ հարիւր տարիէ ի վեր Սահակ֊Մեսրոպին գիւտը այսքա՛ն չարչարուած չէր։ Այլանդակ հասակներով, դողդոջո՜ւն, բարակո՜ւկ գիծեր, որոնք կ՚ելլէին, կ՚իջնէին, ո՛ւր երթալնին չգիտնալով կը շարուէին, տեղ մը կը մնային, կամ ինքզինքնին գտնելու համար ծուռ ու մուռ շրջանակ մը կը գծէին եւ խոշոր բառ մը ծակի մը մէջ կը սեղմէին, այնպէս որ բառերը՝ իմաստ մը տալու ճիգով ստիպուած էին կրկնուելու, տասնապատկուելու, քովէ քով շարուելու, գլուխ գլխի տալու՝ զինուորական գծով տողանցքի մը պէս։
«Յարգանքներուս յարգանքներով յարգանքներս…»։
Ու այս 16 էջերուն մէջ ստորակէտ մը, վերջակէ՛տ մը անգամ չկար։ Որովհետեւ այդ ամենափոքր բանը որ կէտն է՝ իր տեղին դնելու համար բաւական որոշութիւն ու վճռականութիւն պէտք է, բա՛ն մը որ շա՜տ խելօքներուն անգամ կը պակսի։ Ու նամակին պարունակութիւնը ա՛յնքան ալ ապուշ չէր։ Տարտամ ու անհամարձակ կերպով ա՛յն կը հասկցուէր որ տղան իր դրամները կերեր, նոր ոսկիներ կ՚ուզէր. (այդ ոսկիներուն թիւը չկարդացուելիք բան մըն էր, թուաբանութիւններու մէջ չմտած բոլորովին նոր թուանշան մը…)։
Ճամբորդ մը ասկէ աւելի խելացի ի՞նչ բան կրնար պահանջել իր հարուստ ծնողքէն։ Բայց անոնք կ՚ենթադրէին որ անպատճա՛ռ տղան իր հարստութիւնը խաղարաններուն մէջ կորսնցնելով խելքին եկած էր։
Շոգեկառքին մէջ 18 ժամեր քանի՜ անգամ կարդացի այդ 16 էջերը՝ մտքիս մէջ լոյս մը ծնցնելու համար, ու ընդհակառակը, այդ բոլոր սիրելիք սիրեցեալները, շոգեկառքին ցնցումները, անիւներուն տկտնկոցը բոլորովին թմրեցուցին ուղեղս։ Այդ նամակին ապշութիւնը անհանգստացուցիչ, գրեթէ վարակի՛չ բան մը ունէր իր մէջ։ Ու կէս գիշերէ մը վերջ, բոլորովին շուարած, իջայ Մոնթէ֊Քարլոյի կայարանը։
Անծանօթ քաղաքի մը մէջ ո՞ւր երթալ այդ մութին։ Նեղ փողոցի մը մէջ, դրան մը վերեւ, աղտոտ լոյս մը կը պլպլար, մի՛ս֊մինակ ու կասկածելի – (չեմ գիտեր ինչո՞ւ )։ Մօտեցայ, պանդոկ մըն էր, աղ֊պղպեղ գէր կին մը սենեակ մը ցուցուց. բայց դրան կղպանք չունենալը անհանգստացուց զիս…։
– Հոս վստահութեան տուն մըն է, ըսաւ կինը… Պարոնը մինա՞կ է…։
– Այո՛, պատասխանեցի… սնտուկս կայարանը ձգած եմ…։
Փոքրիկ սենեակ մըն էր՝ թուղթէ ծաղիկներով։ Գաղջ, թափանցող, անանուն բոյր մը կար օդին մէջ , իգական հոտ մը։ Լայն անկողինը հազի՜ւ ծածկուած էր. ճմռթկած սաւան մը՝ խորհրդաւոր փոսերով։ Մոմս մօտեցուցի, երկու կարմիր աղտեր տեսայ, դեռ թաց…։
– Մնաս բարո՜վ վստահութեան տուն…։
Ու նոր արշաւ մը սկսայ մութին մէջ, փողոցէ փողոց, մինչեւ որ յոգնած գլուխս մաքուր բարձի մը վրայ կարողացայ հանգչեցնել։ Առաւօտուն, սովորական ժամիս արթնցայ։ Դեռ սենեակը խաւար էր. քնացայ ու նորէն արթնցայ, նորէ՛ն խաւար. բայց այնպիսի խաւար մը՝ ինչպէս ըլլալու էր աղջամուղջը, դեռ Աստուած իր նշանաւոր «Եղիցի լո՛յս»ը չարտասանած։ Այս որքա՜ն երկար էին Մոնթէ֊Քարլոյի գիշերները։ Նորէն ու նորէն քնանալ փորձեցի, մինչեւ որ պանդոկապետը, կեանքիս վրայ կասկածելով՝ եկաւ դուռս բանալու։ Ա՛յն ատեն միայն տեսայ որ այդ սենեակը պատուհա՛ն մը, ծա՛կ մը անգամ չունէր։ Կատարեալ տուփ մը։ Գիշերը չխեղդուիլս ալ հրա՛շք մը պարզապէս։ Ոսկեզօծ քաղաքներու գնահատութեան մէջ այս փաստն ալ մի՛ մոռնաք։
Դուրսը կէսօր էր։ Շիտա՛կ խենթիս հասցէին գացի ու տանը դիմաց ճաշարան մը նստայ։ Խորհրդաւոր դուռը բացուեցաւ, գլխուն վրայ կարմիր ֆէսով մարդ մը երեւցաւ , մօտեցայ ու բարեւեցի։
– Աստուծո՜ւ բարին, ինչպէ՞ս էք , – ըսաւ այնպիսի անտարբեր ձեւով մը, որ կարծես օրը տասն անգամ կը տեսնէր զիս։
Հետս ճաշի նստաւ. հին բարեկամներու պէս, ասդիէն֊անդիէն խօսեցանք։ Ճիշդ է որ իր ուռեցած ականջները իրեն դէմքին ապուշ թանձրութիւն մը կու տային, բայց խենթ մը չէր այդ մարդը, հազա՛ր անգամ ո՛չ։ Գաղտնիքին բանալին գտնել կարծեցի՝ իր հետ կիներու մասին խօսելով, երեսը թթուեցուց. խաղարաններուն ակնարկութիւն ըրի, ուսերը թօթուեց։ Արդէն շուարած, աւելի շփոթեցայ։ Հապա եթէ սխալ մարդու օձիքէն բռնած ըլլայի՜…։
Ամուսնացած մարդ մըն էր. ինծի երկար֊բարակ իր կնոջ վրայ խօսեցաւ՝ որ քիչ մը տկար ըլլալուն, այդ օրը միասին չէ կրցած ելլել. իր մեծ տղուն համար ինձմէ զուիցերիական վարժարանի մը հասցէն ուզեց. պզտիկ տղայ մըն ալ ունէր, շատ պզտիկ, որ այս օրերս ակռայ հանելուն՝ փորը քիչ մը թոյլ էր…։
Յետո՛յ միայն գիտցայ որ այս մարդը ո՛չ կին, ո՛չ զաւակ ունէր, այլ պարզապէս ստելու փափաք մը. բայց բոլորովին բնական, անշահախնդիր, անվնաս սուտեր. արուեստը՝ արուեստին համար։
– Ծնողքիդ նամանկ մը գրեր ես , – ըսի անհամարձակ։
– Չե՛մ յիշեր , – ըսաւ։
– Դրամներդ խաղարաններու մէջ կերեր ես։
– Սխա՛լ է։
– Հապա ո՞ւր գացին ոսկիներդ։
– Ցորեկները պաղպաղակ մը կ՚ուտէի…։
– Հարստութիւնդ միայն պաղպաղակո՞վ հատցուցիր։
– Առտուներն ալ կաթ մը կը խմէի , – թոթովեց. աչքերը լեցան, մօրուքին մէջ արցունքներ գլտորեցան։ Մեղքցայ իրեն, զղջացի։ Մարդը իր դրամը կերեր էր. ես ի՞նչ կը խառնուէի…։ Բայց ան այսպէս չէր խորհեր, կ՚ուզէր իր լացովը զիս համոզել իր անմեղութեանը վրայ, կ՚ուզէր որ անպատճառ հաւատամ թէ ինք պարկեշտ մարդ մըն էր. ո՛չ կինը, ո՛չ գինին, ո՛չ խաղը չէին հրապուրած զայն (ու այս ճի՛շդ էր)…։ Բայց մարդիկ չար էին, իր գէշութիւնը կ՚ուզէին, փողոցէն անցած ատեն խորհրդաւոր կերպով իրարու աչք կ՚ընէին. (աս ալ ճիշդ էր, բայց իր գլխուն ֆէսին համար էր )։ Շատեր զինքը սնանկացնելու, կախաղան հանելու կը ջանային, աշխարհիս ամէն ծայրերէն անվերջանալի ու անկարելի հաշիւներ կը ղրկէին՝ իր բնա՛ւ չճանչցած մարդերէն…։ Ա՛ս ալ ճիշդ էր, ու ահա թէ ի՞նչպէս…։
Այս խելօքիկ մարդը երբեմն֊երբեմն իր մեծութեան երազներն ունէր. բայց մեծ ըսածս՝ շա՛տ մեծ, խելքի մտքի մէջ չսեղմող մեծութիւն մը։ Քանի որ բոլոր մարդիկ իրմո՛վ կը զբաղէին ու դաւադրութիւններ կը սարքէին իր շուրջը, ուրեմն կրնար ըլլալ որ անգիտակցաբար ինք նշանաւոր անձ մը ըլլար, ո՞վ գիտէ, թերեւս ապագայ թագաւոր մը…։ Այս մարդը իր երազին հաւատալու դժբախտութիւնն ունէր. ու այս տեսակ հիւանդներու բնական տրամաբանութիւնով, կ՚ուզէր իր պզտիկ կեանքը այդ մե՛ծ գաղափարին պատշաճեցնել կանխաւ…։ Իր բանակին համար ֆրանսական գործարանի մը իշու լաւագոյն կաշիէն թմբուկներ կ՚ապսպրէր՝ բայց ա՛յնքան թիւով՝ որքան էշ չկար աշխարհիս երեսը… եթէ այդ անունով միմիայն համեստ չորքոտանիներուն կ՚ակնարկէր։ Գերմանիոյ կայսեր ինքնագիր նամակ մը կը գրէր՝ անոր պզտիկ աղջկան ձեռքը խնդրելու համար։ Բայց այդ մեծ ամուսնութեան արժանավայել պալատ մըն ալ պէտք էր։ Մոնթէ Քարլոյի բարձունքներուն վրայ սքանչելի ծախու ապարանք մը տեսեր, ու ամենայն պաղարիւնութեամբ, առանց սակարկութեան , թագաւորի վայել ձեւով ստորագրութիւն մը նետեր էր՝ գնելու խոստումի մը տակ։