– Ո՛չ, ո՛չ այսպիսի զրպարտութիւն զաւկիս համար չեմ ընդունիր, – եւ դռան մէջ տեսնելով որդին, – լաւ ժամանակին կը հասնիս, Գրիգոր, քեռուոյդ պատասխան տուր եւ հասկցու իրեն թէ ոչ թուլամորթ, ոչ հոյլ եւ ոչ դանդաղ ես:
– Իմ փափագս ալ այն է, որ ինձ իմացնէ Գրիգոր թէ ինք ըսածներուս բոլորովին հակառակ ժիր, գործունեայ, եռանդուն է, եւ գիտէ ժամանակին առնուլ իւր զէնքերը, ազգի, կրօնքի եւ հայրենի իրաւանց վրայ պատերազմիլ:
– Եթէ դոքա վտանգի մէջ են ո՜ր մարդ կրնայ առանց վատութեան դրոշմր ճակտին կրելու փախուստ տալ այդ պարտաւորութենեն, – ըսաւ Գրիգոր ծանրութեամբ, եւ առաջ անցնելով առաւ իւր գիրկը Արփենին, որ իւր փափկաթոյր թեւերը եղբօր վզին փաթաթելով, ուրախութեան համբոյրներով եւ տարիքին յարմար խօսքերով կը պատասխանէր այս գրկախառնութեան:
Իսկ Բիւրեղ անգամ մը այդ տեսարանին լռելեայն աչք ձգելեն վերջ` լռելեայն դուրս ելաւ, որպէսզի ոչ եղբայր եւ ոչ զաւկները տեսնեն իւր արտասուքը:
Կաթիլ մը արտասուք շատ անգամ այնչափ գաղտնիք կը պարունակէ, որ յանձնապաստան եւ յիմար մարդ մը ոչ կը զգայ եւ ոչ կրնայ իմանալ, իսկ խոհուն մարդուն համար մտածութեան նիւթ մ՚է: Այդ կինը` երիտասարդ, գեղեցիկ, քաղցր, զգայուն, որ իր եղբօ՞ր հետ ոտն առ ոտն կը կռուէր եւ կուզեր հեռացնել ամէն վտանգ որդուոյն գլխեն, ոչ միայն պաշտպան, յոյս, ժառանգ անձին, զաւկներուն եւ երկրին կը տեսնէր այդ տղուն վրայ, այլ նաեւ իւր հօր կենդանի յիշատակն էր իր աչքին, անցեալ երջանիկ օրերու, որ չեն դառնար, երբ անգամ մը սրանան հեռանան, եւ մարդս իր երեւակայութեան մէջ անոնք կուզէ բերել, դարձնել, մեռածը կենդանացնել, այդ արտասուքը այդ փափագներուն վկաներն էին: Իսկ Սուրէն, որ սուր աչք ունէր բայց մէկ մասը միայն կը տեսնէր այդ արտասուաց, կրկնեց ինքնիրեն ինչ որ սովոր էր զրուցել իւր քրոջ համար. Ահա՛ կանանց ամենեն լաւը:
Նոյն միջոցին Գրիգորի միւս քոյրն էլ Նազէնիկ եկաւ, եղբօրը հետ գրկուեցաւ. գրեթէ հասած աղջիկ մը գեղեցիկ, գողտր, դեղձան մազերով, նուաղեալ աչքերով քաղցր տխրութիւն մը երեսին վրայ տարածեալ: Հաճելի էր տեսնել պատանին, որ դեռ երիտասարդութեան չէր հատսած եւ հօր մը ժպիտով կը նայէր իւր քերց վրայ եւ կը գուրգուրար:
Ընտանիքն ամէնքը միաբան իջան նախաճաշն ընելու, Սուրէն լուռ էր, վասնզի չէր ուզէր իւր քոյրը տխրեցնէի Գրիգոր երբեմն կը խոսէր, բայց Արփենին միշտ նիւթ կը գտնէր խօսելու եւ հարցնելու: Սեղանատունեն վար կ'երեւար գեղեցիկ փոքրիկ լիճը արծաթի սկաւառակի մը պէս, մակոյկ մը լճակը կապուած իբր թէ կը հրաւիրէր պտոյտ ընելու ծառազարդ եւ ծաղկազարդ ափանց վրայ. բայց ոչ ոք այդ մտածութիւնը չունէր. Սուրէն առաջինն ելաւ սեղանեն` նոյնպէս ամէնքը, եւ Արփենի ամենեն վերջ, միայն նա էր, որ չէր զգար թէ սպառնալից փոթորիկ կար օդին մէջ:
Խեղճ մայր, գիտէր, որ զաւակն իրմէ պիտի բաժանուէր, եւ այս անգամ ինք չէր, որ կ'ուղարկէր, այլ ստիպող յարկը` մահահոտ պատերազմի շռինդն էր, որ իր գրկեն կը կորզէր իր միմիայն յոյսը: Ուստի կորագլուխ անձայն զոհի պէս տեսաւ նորա սպառազինիլը, այլեւս արտասուք չի կար աչքերը, վասնզի սիրտն էր, որ կուլար, եւ երբ սանդուխին դուռն որդուոյն ձեռքերն եւ երեսները համբուրեց եւ ինք աչքերը գոց երկայն գրկախառնութիւն մ՚ըրաւ, մէկը չէր կրնար որոշել աղօ՞թք էր թէ գրկախառնութիւն:
Քսանի չափ հեծեալ սպառազէնք Գրիգորի կը սպասէին, երբ նա էլ հեծաւ եւ առանց գլուխը դարձնելու ելաւ բերդին դռնեն դուրս Սուրէնի ետեւեն.
– Զաւէ՜ն, Զաւէ՜ն, – կանչեց ներդաշնակ ձայն մը վերեն:
Մեզ ծանօթ անձնապահապետը դարձեալ մտաւ, եւ տեսնելով թէ Տիկինը չի խօսիր, իջաւ ձիեն, ելաւ սանդուխն երէն վեր:
– Զաւէ՛ն, քեզի նեղութիւն տուի, բայց մօր մը տկար սրտին ներէ. աւելորդ է քեզի յանձնել, բայց խնդրեմ հսկէ զաւկիս վրայ, – ըսաւ Տիկինը:
– Ո՜հ իշխանուհի, առանց իշխանիկին հաւտա՛ թէ Զաւէն աչացդ չերեւար:
– Աստուած հետերնիղ լինի… – կրցաւ միայն զրուցել խեղճ կինը եւ գլուխը դարձուց դէպի դուռը. էլ չէր կարող: Շտկուեցաւ դէպի եկեղեցին եւ հոն իւր վիրալից մայրենի սիրտը տարածեց ստեղծողին` միմիայն մխիթարիչ ցաւերու:
Ծեր զինուորը մօր մը այս կերպարանքին չի կրցաւ դիմանալ, գլուխը շարժէլով, աչքերը սրբելով հեծաւ եւ մտրակեց եւ փոշուոյ ամպի մէջ անհետացաւ եւ հասաւ խումբին, որ լռութեամբ իր ընթացքը կը շարունակէր, մինչեւ հասաւ Վարդանակերտ:
Սուրէն, որ մինչեւ այն ժամանակ բերանը չէր բացած, ցցուց հեռուանց Գրիգորի ծեր զօրավար մը, որ աւանին հողապատնէշներուն դուռը կեցած զիբենք կը դիտէր. «Տե՛ս, – ըսաւ, – սա ծերը Թէոդորոսի տեղապահ եւ մեծ բարեկամն է. սա է, Ատոմ Շահունի, երկիւղ երթէք չէ գիտցել թէ ի՞նչ է, մահն արհամարհել իրեն բնութիւն է դարձել, հիմա որ վաթսունն անց է, պատերազմի մէջ երիտասարդէ լաւ կը կռուի, կարող է խարդախութիւն մը, սուտի մը համար իր զաւակն սպաննել. կարծեմ թէ իւր ծիծաղը ոչ ոք տեսած չէ, երբ մօտենանք եւ զինքը դաժան տեսնես մի՛ զարմանար, բացի Թէոդորոսէ ոչ ոք համարմունքի արժանի չի սեպեր, եւ շնորհք է եթէ չարհամարհէր»:
Եւ իրօք, երբ մօտեցան, ծեր զօրավարը հազիւ թէ ընքուիների թեթեւ շարժմունքով բարեւ մը առաւ, իւր արձանի դիրքը ամենեւին չի Փոխեց: Իսկ Սուրէն, որպէսզի կարէնայ զինք խօսեցնել, նոյն Ատոմի առ Թէոդորոս դրած թղթիկը ցոյց տալով, հարցուց թէ ո՞ւր էր Հայոց զօրավարը:
– Այս նամակն ո՞վ քեզ տուաւ, Կամսարական, – ըսաւ դաժան ծերը:
– Այս առաւօտ ինձ տուին իշխանին կողմեն:
– Դուք քնած էիք, երբ նա հոս էր, – զրուցեց ծերը խստութեամբ, եւ իբրեւ թէ ինքնիրեն խօսելով, – այս է ահա մեր իշխանաց եւ իշխանազանց սովորութիւնը, ամենեն լաւերը քուն կը լինին, երբ գործելու ժամանակ է, իսկ վատերը մեծ շնորհք կ'ընեն եթէ մատնիչ չլինին եւ թշնամուոյն չառաջնորդեն:
– Կարելի՞ է, Ատոմ իշխան, մեզ իմացնես թէ որո՞նք են թշնամուոյն առաջնորդողք:
Այս խօսքին ծերը պատասխան նաեւ չի տալով`
– Հայոց զօրավարը, որ այս թուղթը քեզի թողէր է, ըսել կուզէ, որ երթաս զինքը յունաց բանակը գտնեմ, տէ՛, գնա՛, մի՛ դանդաղիր, տե՛ս, ինձ էլ պատվփրեց զօրքը պատրաստի ունենալ, – ըսաւ եւ ձեռքով ցցուց զօրքը, որ պատրաստ զէնքի վրայ կանգնած կը սպասէին:
Եւ այս խօսքերը զրուցելով կռնակը դարձուց բոլորովին:
Իսկ Սուրէն առանց խօսելու հեծաւ ձին եւ սկսաւ շարունակել իւր ճամփան, երեւակայելով թէ տեղեկութիւն հարցնել յունաց բանակին համար այդ քաղցր ծերուն աւելորդ եւ չափազանց հետաքրքրութիւն պիտի թուեր եւ մեծ յանդիմանութեան առիթ, իր ծիծաղը սանձելով կը շտապէր աոաջ անցնելու: Իսկ Գրիգոր, երբ հազիւ քիչ մը հեռացան` քրքիջ բարձրացնելով հետեւեցաւ քեռուոյն մինչեւ մատեցան Վաղարշակերտի, եւ յունաց բանակը երեւցաւ:
ԳԼՈՒԽ Գ
Մեր Կամսարականն եւ քեռորդին մտան յունաց բանակը, որ Վաղարշակերտի շուրջը տարածուէր էր: Հռոմէական անունը թէպէտ կը պահէին Բիւզանդիոյ կայսերք, եւ արտաքին փայլը դեռ կ'երեւար, բայց ամէն բան եւ զինուորութեան ամէն կարգ, կանոն թուլցած, աւրուած էր, հռոմէական արծիւն էր, որ լեգէոններուն գլուխը թեւերը կը տարածէր, բայց թշնամուոյն առաջին դիմադրութեան եւ հարուածին կը սլանար ի փախուստ, եւ այդ լեգէոնները միշտ մեծ քաջութիւն ցոյց կ'ուտային ներքին խռովութիւնք հանելու քան թէ թշնամուոյն դէմ պատերազմելու:
Եթէ զինուորին քով վատութիւն եւ անկարգութիւն սովորական էին դարձած, զօրավարները նաեւ շատ անգամ շնորհուկով անուանեալ եւ ոչ արժանաւորութեամբ գոռոզ յանձնապաստան եւ անարգ պալատական` հրամայել միայն դիտէին խաղաղութեան ժամանակ քան թէ առաչնորդել պատերազմի մէջ: Այսպիսի անձ մի էր Պրոկոպիոս, որ այս հռոմէական անուանեալ բանակին Սպարապետն էր, եւ որ Թէոդորոսի թախանձանոք եւ յորդորանոք հազիւ կրցեր էր շարժիլ եւ հասնիլ Կարնոյ ի Բագրեւանդ ամենայն դանդաղութեամբ:
Ուստի Սուրէն եւ Գրիգոր երբ մտան բանակը, ուղղուեցան Սպարապետին վրանը, որու դռան առաջ շարուած կանգնած էին հայ զօրավարին թիկնապահները: Երբ Սուրէն ուզեց անցնիլ, յոյն արարողապետը իմացուց թէ արգելք կար ներս մտնելու, թէպէտ ձայները բարձր եւ զայրագին կը լսուէին:
Թէոդորոս փորձ պատերազմող` առաջին ակնարկին տեսաւ, որ այդ բանակը թէեւ բազմաթիւ, բայց օգուտ չունէր երկրին իւր անշարժութեան մէջ, երբ թշնամի մը կար իւր առջեւ յանդուգն եւ կատաղի, որ մինչեւ այն օր յաջողէր էր իւր ամէն արշաւանաց մէջ, եւ այդ յաջողութեան համար յանձնապաստան այնչափ, որ կը համարձակէր թշնամի մեծ բանակի մը առջեւ երկուքի բաժնել իւր զօրութիւնը: Ուստի յորդորեց զպրոկոպ արագ յարձակմամբ հասնիլ Արտազ, խորտակել արաբաց մեծ գունդը եւ միւսին, որ անցել էր Երասխը նահանջի ճամփան արգիլել եւ բնաջինջ ընել: Այս պարզ առաջարկութեան յունաց զօրավարը գոռոզութեամբ պատասխանեց.