– Ես շատ ուրախ եմ, Տէր, պատասխանեց Տիկինը, որ Գրիգոր այս վայրկեանիս դառնալով Ռշտունեաց Ոստանեն, ինձ բարի Հուրեր տուաւ ձեր Տիկնոջ եւ զաւակաց վրայ:
– Նո՞ր կ'ուգաս Ոստանեն, որդեակ Գրիգոր, եւ ամէնը ո՞ղջ, առո՞ղջ էին:
– Այո, Տէր, – պատասխանեց Գրիգոր:
– Երկիրս ի՞նչ վիճակի մէջ տեսար, որդեակ:
– Երջանիկ այնքան, որքան ոչ մի տեղ Հայաստանի մէջ:
– Ինչպէս Կ'ոգովտի գաւառը: Երկու-երէք անգամ այս տարուան մէջ անցայ այս տեղաց. եւ միշտ, ինչպէս սովորութիւնս է, գեղերը գիշերեցի. ամէն տեղ տեսայ երջանկութիւն. եւ Մամիկոնեանց Տիկնոջ գովութիւն եւ օրհնութիւն լսեցի այդ բարի եւ պատուական շինականաց բերնեն: Քիչ-քիչ ինձ համոզմունք կը դառնա թէ մենք երջանիկ ընելու համար ժողովուրդը կանանց պէտք է յանձնենք երկրին կառավարութիւնը, եւ միայն պատերազմով զբաղինք, միայն եթէ այն եւս կարէնայինք յաջողութեամբ ի գլուխ հանել:
Եւ այս վերջի խօսքերն այնպիսի տխուր եղանակով մը զրուցուեցան, որ Սուրէն անգամ սկսաւ մտածել թէ ինչ պատասխան պէտք էր տալ: Բարեբախտաբար երկու սպասաւորք փայլուն պղնձէ սեղան մը բերին արծաթեայ սկաւառակներով բեռնաւորեալ, որ զանազան համադամք կը պարունակէին:
Տիկինը քաշուեցաւ գնաց իւր սենեակները, Սուրէն միայն սեղանակից եղաւ իշխանին, որ սակաւապետ եւ չափաւոր ընթրիքը շուտով վերջացուց եւ բարի գիշեր մաղթելով Սուրէնի եւ Գրիգորի իրեն պատրաստուած անկողինը մտաւ զբաղած երկրին պաշտպանութեան խորհրդովք մինչեւ որ քունը հասաւ մտքին եւ մարմնուն հանգիստ տալու համար: Նոյն վիճակին մէջ է նաեւ Գրիգոր, բայց իւր միտքը երկրի պաշտպանութեամբ չէր զբաղէր, այլ Ռշտունեաց Օրիորդին քաղցր պատկերը զինք կը յուզէր:
ԳԼՈՒԽ Բ
Սուրէն Կամսարական քառասնամեայ անձ մ՚էր, թիկնաւէտ, յաջողակ զէնքերու մէջ, կորովի ձեռոք եւ մտօք ինք. Կամսարական զարմին ամենեն փոքր եղբայր լինելով եւ անզաւակ, եւ իւր կինը կորսնցնելով` որ շատ կը սիրէր, գրեթէ թողած էր հայրենի տունը Շիրակ, եւ իւր քրոջ Բիւրեղի վրայ մեծ սէր ունենալով նրա հետ կը բնակուէր Կոգովփտ: Բայց քանի որ Գրիգոր կը մեծնար, իւր` Գրիգորի վյրայ սէրն էլ օրաւուր կը մեծնար: Գրիգոր հանդարտ եւ խելօք էր բնաւորութեամբ, իւր հօրը` Դաւիթ Մամիկոնէի պէս, որ տկար եւ հիւանդոտ լինելով չունէր հայ նախարարաց այդ ընդհանուր եղած զուարճութեանց, որսի, պատերազմի, մականախաղի, պերճութեան եւ անառակութեան սէրը, այլ ընհակառակն իւր մտաւոր կարողութիւնքը մշակելով` ուսմանց եւ գիտութեանց սէր ունէր: Նա նոյնը իւր զաւկին հաղորդէր էր: Վարդանաբերդ հայերէն եւ յունարէն գրոց հարուստ մատենադարան մը ունէր, եւ Մամիկոնեան իշխանին միմիայն ուրախութիւնն էր եւ մխիթարութիւն տեսնել իւր Գրիգոր վարժ եւ յաջողամիտ. ժամանակին գիտութեանց մէջ տարիքեն յառաջադէմ: Իւր պալատը միշտ լեցուն էր գիտնական վարդապետներով եւ աշխարհահած ճամփորդներով. եւ Գրիգոր ուշի-ուշով մտիկ կ'ընէր ամէն խօսակցութիւն, որ նոր էին իրեն համար եւ միտքը կը զօրացնէին: Թէպէտ ծնողքը գոհ էին իրենց զաւկին մտաւոր զարգացմանեն, բայց նոյնը կարելի չէր զրուցել Սուրէնի համար, որ երբ Դաւիթ հոն չէր, կը մտնէր Գրիգորի սենեակը եւ յափշտակելով գրքերն առջեւեն, «Մամիկոնեան պատանուոյ մը համար շատ է եւ բաւական ինչ որ գիտես, քիչ մ՚էլ ուրիշ մարզերու նայինք» ըսելով` սուսերամարտութեան, նիզակախաղութեան եւ ձիամարզութեան կրկնութիւններ ու կը զբաղեցնէր, առանց ուշ դնելու իւր քրոջ դիտողութեանց. շատ անգամ որսի տանելով հետը լեռներ, սարեր, ձորեր հետի կը քալցնէր, եւ երեկոյին, երբ Գրիգոր յոգնած, դադրած, տուն կը դառնար գրեթէ անկարող շարժուելու, ինք Սուրէն առաջինն էր նրա ծնողաց ըսելու թէ «Ահա այսպէս Վարդաններ եւ Վահաններ կը զարգանան եւ կը հասնին, եւ ոչ գրքերու առաջ ժամեր անցնելով»: Իսկ Դաւիթ, որ կը տեսնէր թէ տղան օրաւուր կը զօրանար այդ մարմնամարզութենեն ժպտելով կ'ըսէր. Սուրէն եւ ես առանձին կատարեալ մարդ չենք, ես կարող միտք միայն եմ, նա կարող մարմին միայն է. աստուած տա, որ Գրիգոր երկուքն էլ ունենա:
Սուրէն զօրաւոր կազմուածքի տէր եւ անխռով միտք, վասնզի ներկան` օրը եւ ժամը միայն կը մտածէր սովորաբար, որ ոչ Թէոդորոսի պէս ազգին չափազանց սիրահարն էր, եւ ոչ Գրիգորի պէս Ռշտունեաց Օրիորդին, անկողին եւ քուն մտաւ միանգամայն, եւ երբ արշալոյսին հետ արթնացաւ, դիմեց դահլիճը, տեսաւ, որ Թէոդորոս արդէն չի կար: Սպասաւոր մը թուղթ մը տուաւ իրեն, որ չի լուսացած` սուրհանդակ մը բերած էր Թէոդորոսի, եւ որովհետեւ հրաման էր ո՛ր ժամանակ լինէր ամէն լուր իրեն հաղորդել րոպէին, թիկնապահքը մտէր էին սենեակը եւ աւէր էին թուղթը. Թէոդորոս շուտ մը սպառազինեալ հեծէր էր երթալու եւ Սուրէնի սպասաւորաց մէկուն տալով իր ընդունած թուղթը, մեկնէր էր: Սուրէն կարդաց այդ համառօտ նամակր. – Ատոմ Շահունի առ Թէոդորոս Ռշտունի. «Գիտութիւն լիցի, Հայոց զօրավար, որ յունաց բանակը կը մտնէ մէկ կողմէ, իսկ արաբր երկու զունդ բաժնուած, մէկը Երասխ անցէր է ի Նախջուան, միւս Արտազ մտէր է»:
Վայրկեան մը մտածեց Սուրէն եւ գնաց զգեստները հագաւ, երբ Գրիգորի ուղղուեցաւ` տեսաւ քոյրը, որ զինքը դիմաւորեց, եւ քաղցր ժպտով երկու ձեռները տարածելով` թող չի տալով, որ առաջ անցնի`
– Ո՛չ, – ըսաւ, – Գրիգորը թող որ հանգչի:
– Բայց դու չես գիտէր, որ Թէոդորոս գնացեր է արդէն:
– Ինչպէ՜ս չեմ գիտէր, ես տեսայ նորա երթալը. բայց իմ զաւակս Հայոց զօրավար չէ, պէտք է որ հանգչի` քուն լինի եւ այս տարիքին մէջ զօրանայ:
– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը՛, – գոչեց Սուրէն. – եթէ ձեզի թողուի տղան ճգնաւոր, վարդապետ, շատ-շատ թուլամորթ կաթողիկոս մը պիտի րնէիք… Գիտե՞ս ի՜նչ ժամանակի մէջ ենք, գիտե՞ս թէ վաղր ի՞նչ կրնայ հասնիլ գլուխնիս, ո՛չ դու միայն այն կը մտածես թէ Գրիգոր աչքեդ չի հեռանայ, անհանգիստ չլինի, իւր ամէն կամքը կատարուի: Բայց ես կը մտածեմ, որ Գրիգոր իր խելքով, իր գիտութեամբ ոչ միայն Վարդանաբերդ նստի, Կոգովիտ եւ Բագրեւանդ կառավարէ մօրը պէս եւ մօրը պէս գոհ ընէ այդչափ ով զամենքը` նաեւ Թէոդորոս Ռշտունին, այլ ես կ'ուզեմ, որ լինի աւելի քան այս Ռշտունեաց Տէրը թէ հոգուով եւ թէ մարմնով, ես կուզեմ…
– Գիտեմ քու ամէն զրուցելիքներդ, շատ իրաւունք ունիս, բայց դու այնչափ բարձր կը խօսիս, որ Գրիգոր կրնայ զարթնուլ, ե՛կ իմ սիրելի եղբայրս, եւ ինչ որ պիտի խօսիս իմ սենեակս խոսէ:
Այս ըսելով այդ գեղեցիկ կինը առաւ քաղցր բռնութեամբ եղբօրը ձեռքը եւ տարաւ սենեակը նստէուց. դիմացը կանգնելով եւ ձեռքերը կուրծքին վրայ ծալլելով:
– Հիմա հոս զրուցէ՛ ինչ որ կ'ուզես, բոլոր ուշս քեզի է, – ըսաւ ժպիտը միշտ շրթունքներուն վրայ:
– Ժպտելու ժամանակ չէ, քոյրիկ: – պատասխանեց Սուրէն ձեռքի թուղթը ցցելով եւ կարդալով նամակին վերջի խօսքերը:
– Եթէ յունաց բանակը Բագրեւանդ կը մտնէ` կը նշանակէ թէ մեր պաշտպանութեան կը դիմէ. եթէ Թէոդորոս կը շտապէ եւ կանուխ կը վազէ կ'երթայ կը նշանակէ թէ նախջուանայ կողմը մեր պաշտպանութեան կը դիմէ. եւ այս բանիս համար պէտք է որ ժպտի՞լն էլ արգիլուի:
– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը, – կրկնեց Սուրէն: – Այդ խօսքերով կարծեցիր թէ ինձ պատասխա՞ն տուիր: Այսպիսի վիճակի մէջ բաւակա՞ն է ըսել թէ Թէոդորոս գնաց արաբաց դէմ, եւ մենք պէտք է ոտքերնիս, ձեռքերնիս արածենք անհոգ, անպիտան, դանդաղ նստինք: Այդ մարդր` այդ Թէոդորոս երբ «այդ թուղթը Սուրէնի տուէք» կըսէ, այն կ'իմանայ, որ Սուրէն պէտք է շարժի, առնու Մամիկոնեանց զաւակը եւ դիմէ հոն, ուր արաբր կ'արշաւի, թումբ լինելու համար այդ սոսկալի թշնամուոյն դէմ, որուն առաջ ոչ բաւական ամրութիւն կայ եւ ոչ նուիրական բան մը աշխարհքիս վրայ:
– Բայց այդ Մամիկոնեանց շառաւիղը դեռ տասնեօթ տարու պատանի մ՚է, յոգնած` նոր ճամփէ եկեր է, կէս-գիշերն անցած հազիւ անկողին մտէր է, իւր տարիքին մէջ օրէնք չէ, որ այդ կատաղի գազանաս դէմ հոգին եւ մարմինը վտանգի դնէ եւ իւր հօր տան ծուխը մարէ:
– Շատ կ'ուզէի, որ այս խօսքերը Թէոդորոսի անգամ մը զրուցէիր…
– Ի՞նչ գաղտնիք կամ ամօթ կայ այս խօսքերուս մէջ, որ չի կարէնայի զրուցել. կարծեմ Վարդ երէկ իրիկուն հօրը հետ մէկտեղ չէր եւ չեմ կարծէր թէ վարը զօրականաց հետ ընթրեց, եւ հայրը բռնի մօրը գրկեն առաւ որդին արաբաց դէմ պատերազմելու կամ թումբ շինելու համար:
Այս խօսքերուն երբ Սուրէն սրտնեղութեամբ բերանը բացաւ պատասխանելու, Բիւրեղ առանց ժամանակ տալու «Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը», – գոչեց ծիծաղելով եւ նոյն րոպէին փոքրիկ ոտնաձայն մը լսելով սենեակին մէջ ետին դարձաւ եւ գեղեցիկ վեց տարեկան աղջիկ մը Սուրէնի գիրկը դրաւ. իսկ Սուրէն այդ սիրուն տղեկը գրկին մէջ սղմելով եւ համբոյրներով ծածկելով.
– Սիրո՜ւն, աննման Արփենի, – կ'ըսէր, – ահա՛ կանանց ամենեն լաւը դու ես, երբ մեծնաս` սա մայրիկեդ աւելի խելօք պիտի լինիս, ջանաս, որ քու զաւակներդ թուլամորթ, հոյլ դանդաղ չլինին…