Իսկ երբ արտասուքը սրբեց, ժողովեց աստուծոյ պաշտօնեայքը եւ հանեց բերդին առջեւ, տուաւ կրակը բորբոքեց մակոյկը, որպէսզի ոչ ոք կարէնայ մերձենալ կղզուոյն, ան ատեն. «Ամենայն ինչ կատարեալ է», – ըսաւ, եւ գլուխը կուրծքին դրած` անցեալին մէջ թաղուած այդ բերդին հանդէսները, կոչունքները, ուրախութիւնքը, սուգերը եւ տրտմութիւնքը նաեւ` ամէնքը աչքին առջեւ տեսնելով յաջորդաբար, ուր երկայն տարիներ անցուցեր էր, եւ քսանչորս ժամ բաւական եղած էր անյայտ, անյիշատակ ընելու, դարձեալ Կ'աղզուանի ճամփան բռնեց մոռնալով նաեւ իր նժոյգր, որ ծանր իր ետեւեն կը քալէր լռիկ եւ տխուր իբր թէ չի համարձակելով իւր տիրոջ խորհրդածութիւնքը շփոթել:
Բայց վերջապէս Զաւէն իբր քունէ արթնացաւ, վասնզի ծունկերը չէին ուզէր իրեն հնազանդիլ, սաստիկ յոգնութիւն մը զինք առէր էր, հեծաւ իրեն ձիուն վրայ, նոր զգացմունք մը` գլուխը սկսաւ պտոյտ գալ, այնպէս, որ եթէ չզգուշանար պիտի ինկներ ձիեն, այս նոր երեւոյթներէն արթնացած միտքն եկաւ թէ ամենեւին բերանը բան չէր դրած, եւ արեւր մայր մտնելու մօտ էր, ուստի շտապեց եւ հասաւ այն գիւղը, ուր առջի օրը խուլ պառաւը զինք հիւրընկալէր էր:
Դարձեալ առանձին էր պառաւը` նստած իր դռան առջեւ. դարձեալ գիւղն անապատ էր: Թէպէտ ինք հացի պատառ մը միայն ուզեց, բայց բարի պառաւը հացն ու պանիրը եւ կուժով գինին մէկտեղ գրաւ առջեւը: Եւ երբ տեսաւ թէ ախորժակով կ'ուտէր.
– Ես մարած աչքերեդ իմացայ, – ըսաւ, – որ դու շատ անօթի ես. մեր գիւղացիքը ամէնքը լեռները փախան, աւազակներէն կը վախեն:
– Դու չե՞ս վախեր, որ այսպէս մենակ կը նստիս, – հարցուց. Զաւէն քիչ մը ձայնով, քիչ մը նշանացի:
– Իմ վախելու տեղս մնացե՞ր է, որ վախեմ: Ասպատակը երիտասարդ կուզէ, ինձի պէս պպռաւներուն վնաս չի հասցնէր:
– Դու այնպէս կարծես, բայց հիմկու նորելուկ աւազակները քեզպեսները սուրէ անցուցեր են:
– Է՜հ, ի՜նչ ընեմ, – ըսաւ պառաւը արհամարհ անոք ուսերը ցնցելով, – եթէ սպաննեն` թո՛ղ սպաննեն, հազար տարի ապրելու չեմ, արդէն հարիւրին մօտ եմ: Թոռներ, տղաքներ, հարսներ ունիմ: Դուք գնացէք` փախէք լեռը, ըսի, ես տանս մէջ եթէ պիտի մեռնիմ, խաղաղ կը մեռնիմ:
Այս փիլիսոփայութեան պատասխան չունէր Զաւէն, ուստի լռեց, եւ երբ հացը կերաւ լմնցուց եւ գինուոյ կուժին վերջի կաթիլը նաեւ քամեց, պառաւը
– Ռրդի՛, մի՛ ծալուիր, դու բան չես կ'երէր այսօր, երէկ այդ տղեկը լաւ կերաւ. կա՛ց հիմա… – ըսաւ եւ վազեց գնաց` ժամանակ չի թողնելով Զաւէնի, որ արգիլէ, եւ քանի մը վայրկենեն եկաւ դարձեալ ուտելիք ու գինի բերելով: Եւ երբ Զաւէն սկսաւ ուտել` պառաւն էլ սկսաւ հին պատմութիւններ ընել, որ Զաւէնի յիշատակներէն շատ բարձր կին: – Որդի, – կ'ըսէր, – դու այն օրերը գիտե՞ս, երբ Սուրէն պարսիկը ամէն Հայաստան կը կոխկռտէր, յետոյ երբ Վարդան Մամիկոնեան զայդ Սուրէն սպաննեց, յետոյ երբ պարսից թագաւորը եկաւ, յետոյ երբ մենք ամէնքս լեռները փախանք…
– Ես այդ յետօներուն յետինն անգամ չգիտեմ:
– Գիտե՞ս, հա՛… – կ'ըսէր պառաւը նորա բերնին շարժմունքը տեսնելով:
– Ո՛չ, ո՛չ, ամենեւին չգիտեմ:
– Բայց գիտե՞ս, որ Հոռոմի մեծ թագաւորն որ եկաւ` կաթոդիկոսը Լուսաւորիչն ուրացաւ (Զաւէն իմացաւ, որ Հերակլի եւ Եզրի համար կ'ըսէր` գլխով նշանացի ըրաւ թէ` այո՛), հա՛, աստուած ողորմի հօրդ հոգուն, ան տարի հոռոմը մէկ կողմեն, պարսիկը միւսեն այս մեր լեռն ու ձորը կոխեցին, տուն, տեղ չի մնաց, ամէն բան քանդուեցաւ. մենք երկու ամառ մէկ ձմեռ սարերուն գլուխն անցուցինք, ի՜նչ օրեր էին… հիմա ի՜նչ պիտի լինի: Այսօր էլ այդ հոռոմներն էին, որ եկան, սոթտած հաւ դարձեր էին, վրայ, գլուխ չի կար` անօթի ծարաւ…
– Այսօ՞ր, – հարցուց Զաւէն:
– Հա՛, մէկ-մէկ քիչ հաց տուի` ճամփեցի, ետքը մէկ ծերունին եկաւ երեսուն-քառասուն հոգուով, ուռած, փքուած, հագուած կապուած մարզ էր, քթեն ինկնողն հազար կտոր կը լինէր, կ'երէի, որ մեր գիւղին չի հաւնեցաւ` ելաւ գնաց Կ'աղզուանի ճամփան. երթա՜ ի բարին:
Զաւէն որ արդէն փորը կը շտացէր էր, եւ քունն աչքերուն վրայ սկսէր էր ծանրանալ, երբ լսեց թէ յոյնք, որ անշուշտ արաբաց մագիլներէն փախստականը հին, որ լեռները փրկութիւն գտած հիմա զանազան ճամփաներով կ'երթային Կարին, եւ եթէ զիրենք բազմաթիւ գտնէին ամէն անզգամութեան ձեռնհաս էին: Թուլութիւն մէկդի թողուց եւ շուտ մը պառաւին մնաս բարաքն ըսաւ, հեծաւ ձին ու Կ'աղզուան շտկուեցաւ արագութեամբ: Գիշերուան երկրորդ ժամուն հասաւ աւանը, որ բոլոր տակնուվրայ էր, եկեղեցուոյն դռան առջեւ քանի մը հոգի ժողովուած կը խոսէին թէ ինչ կարելի էր ընել յունաց պահանջմանց դէմ, երբ Զաւէն մութուն ձիուն գլուխը քաշեց, շուտ մը զինք ճանչելով իրեն մօտեցան, եւ դեռ ինք բերան չի բացած` սկսաւ գանգտիլ եւ վիճակը յայտնէի
– Հարիւր յիսուն, երկու հարիւրի չափ փախստական յոյն զինուորներ աւանը մտան, զօրավար մ՚էլ կար հետերնին. ցրուեցան ամէն տուն. մենք իրենց խեղճութեան ողորմեցանք, անհաւատին դէմ կռուէ կ'ուգան, ըսինք, խաչապաշտ են, ըսինք, պարտք եղած հիւրընկալութիւնն ըրինք, բայց գոհ չի կրցանք ընել, սկսան զգեստ յափշտակել, զէնք պահանջել, գինուոյ կարասներ պարպել եւ կանանց վրայ աչք ձգել… Մեծերնին իջաւ քու տունն, Զաւէն եղբայր, շատ կարելի է որ նա էլ իր աւազակներէն պակաս չի մնայ:
– Քալենք մեզի երթանք, այնաեղ կը տեսնենք եւ կը մտածենք:
Եւ Զաւէն ձիեն իջած այդ դրկիցներու հետ միատեղ շտկուեցաւ տուն: Դեռ տան դռանը չի հասած` կը լսուէին յունական անառակ երգեր ու ձայներ, որ Զաւէն բաւական կը հասկնար, եւ որ երգողները կտուրի տակ ընկողմանեալ յոյն զինուորներ էին. առանց սոցայ վրայ ուշադրութիւն դարձնելու Զաւէն ներս մտաւ: Նախ զինք դիմաւորողներն եղան իւր երեք որդիքը, որոնց ամենեն մեծը քսանհինգ տաբու երիտասարդ մ՚էր կ'որաւի եւ ծանրագլուխ. եւ հօր ու որդուոյ մէջ այս խօսակցութիւնն տեղի ունեցաւ կամաց ձայնով.
– Ի՞նչ տեսակ մարդ է, Ներսէս, այս յունաց մեծաւորը:
– Ի՞նչ. գիտնամ, հայր, իբր քառասուն տարու` քաղցրալեզու, քաղաքավար մարդ մը կ'երեւայ. ոչխար մը մորթել տուաւ այն ձեւով, որ իբրեւ թէ փողը պիտի վճարէ, մեծ կը խօսի` ինքզինքը այնպէս կը ցցնէ, իբր թէ կայսեր շատ ծանօթ մէկն է: Հարցուց թէ այս տունն ո՞ւմն է, հարցուց թէ Արփենին ո՞ւմ աղջիկն է, Վարդանաբերդի, Մամիկոնեանց իշխանուհուոյն, Գրիգոր իշխանին վրայ տեղեկութիւնք փնտրեց: Հրամայեց, որ իր զինուորներուն պէտք եղածը արուի, վճարմունքը խոստացաւ կայսերական գանձեն շուտով հասցնել:
– Պրոկոպիո՞ս է այդ մարդուն անունը, – հարցուց դաժանութեամբ Զաւէն:
– Ոչ, հայր, Թումայ է իր անունը:
– Մայրդ, աղջիկները ո՞ւր են:
– Ամէնքը ներսն են, չերեւցան օտարներուն:
– Հիմա քովը ո՞վ կայ:
– Տէրտէրը միայն մնաց, ուրիշ ամէնքը գնացին:
– Մտնենք ներս, բարեկամք, եւ տեսնուինք այս յունական բանակին կոտրտուքներուն հետ, – ըսաւ Զաւէն իր դրացիներուն:
ԳԼՈՒԽ Ե
Թումայ ընկողմանեալ էր վառարանին քով, եւ ուշադրութիւն անգամ չըրաւ մտնողաց, որ յարգանօք ողջունեցին. իր երկու զինուորները հոտին կանգնած– էին դռան քով: Կ'աղզուանի աւագերէցը նստած էր վարը փոքրկացած յոյն զօրավարին ներկայութեան: Զաւէն այս վիճակը տեսնելով` քահանան հրաւիրեց վառարանին քով անցնիլ նստիլ. եւ նկատելով նորա դանդաղութիւնը` օգնեց նաեւ թեւէն բռնելով եւ վեր վարելով, եւ նքն անցաւ քովը նստաւ: Բիւզանդացի յոյնը իւր դիրքին մէջ այս ամէն շարժմունք տեսաւ, եւ լաւ իմացաւ թէ իր արհամարհանաց փոխարէն պատասխանող մը անցաւ իւր առաջ, բայց չիմանալեն եկաւ:
Իսկ Զաւէն, որ բաւական յունարէն կը խոսէր, սկսաւ հանդարտ կերպով ժողովրդեան գանգատները, իւր զինուորներէն եղած անիրաւ պահանջները առաջ դնել, յոյս յայտնելով թէ «իրեն պէս բարձր զօրավար մը այնպիսի անկարգութեանց ներողամիտ չէր կրնար լինիլ»: Զաւէնի այս վերջին խօսքերը, ուր երգիծանքը շատ սուր եւ կծու էին, յոյնին բարկութիւնը այն աստիճանի գրգռեցին, որ շակուելով եւ նստելով` եւ խիստ ակնարկ ձգելով Զաւէնի հարցուց.
– Դու որ զինուորի կը նմանիս կերպարանքովդ, ո՞ւմ քով ծառայած ես մինչեւ հիմա:
– Իմ ըսած խօսքերս կ'երեւայ թէ չի կրցայ հասկցնէի ես աղաչանք մը ըրի, որ հրաման ընէք զինուորներուն անիրաւ պահանջներ չընելու. իսկ դուք ինձ կը հարցնէք թէ ո՞ւմ քով զինուորած եմ. այդ հարցմունքը ինձ զարմանք կ'ուտայ, ուստի ես էլ համարձակութիւն կառնում ձեզ հարցնելութէ ի՞նչ կը նշանակէ այդ հարցմունքը:
– Դու հասարակ շինական` կը համարձակիս ինձ` հոռոմ իշխանի հարցմո՞ւնք ընել:
– Ի՞նչ յանցանք կայ այդտեղ, մարդ չգիտցածը միշտ իրաւունք ունի հարցնել: Դուք ինձ կը հարցնէք թէ ո՞ւմ քով ծառայէր եմ, նոյնպէս ես էլ հասարակ շինական համարձակութիւն առի ձեզ հարցնել թէ ի՞նչ մտօք այդ հարցմունքը կ'ընէք. չար միտք եթէ ունենայի կրնայի հարցնել թէ դո՞ւք էիք արաբաց դէմ այդ մեծ յաղթութիւնը կարգադրողը թէ Պրոկոպիոս: