Կին մը միայն, որ այս վիճակը կը տեսնէր եւ որուն երեսին վրայ նկարուած էր այլայլութիւն եւ յուսահատութիւն, Բիւրեղ տիկին, առանց ինքզինք կորսնցնելու իր կենաց պահպանութենեն աւելի ուրիշ մտածութիւն մը մտքին մէջ յանկարծ գալով, մտաւ իր աղջկանց սենեակը, տեսաւ Նազէնիկը, որ գոզալով ծունկի վրայ կ'աղօթէր, իւր քրոջ անկողնին քով, որ հանգիստ եւ անխռով կը քքէանար: Այդ կինը, որուն աչքերը ոչ արտասուքով այլ արիւնով լցուած էին, առանց խօսելու գրկեց մէկը եւ միւսին ձեռքեն բռնելով` կայծակի արագութեամբ վազելով իջաւ սանդուխներէն վար, իջաւ պարտէզին գահերեն վար, մինչեւ լճին եզերքը. հոն դրաւ փոքրիկ մակոյկին մէջ տղան. մտուց իւր շփոթած աղջիկը, եւ ինքն որ մտաւ, «փա՜ռք քեզ աստուած իմ» աղաղակեց եւ թիակ մը ձեռքին առած բացուեցաւ ցամաքեն, ուրախութեան ծիծաղ մը եկաւ երեսին, եւ երկու ձեռքով աղջկանը փաթաթուելով. «Ահա ազատեցանք, Նազէնիկս, մեր պատիւը անարատ կրնանք հոս այս լճիս մէջ թաղել», – ըսաւ: Իսկ այդ քնքուշ եւ միամիտ աղջիկը. «Հոս չեն կրնա՞ր հասնիլ ուրեմն այդ անզգամները, մայրիկ», – կը հարցնէր: Իսկ փոքրը` զարմացած, շփոթած իւր սուր եւ սեւ աչքերեն քունը թօթափելով. «Ո՞ւր կ'երթանք մայրիկ, դու գիտե՞ս թիավարել», – կ'ըսէր: «Այո, զաւակս, այսօր պիտի թիավարեմ», – ըսաւ եւ թիակներն անցուց եւ սկսաւ ամենայն զօրութեամբ հեռանալ` ուղղուիլ դէպի այդ լճակին միմիայն փոքրիկ կղզին. միշտ աչքերը դէպի ամրոցն ունելով: Խեղճ կինը այդ լճակը փոքրիկ կը գտնէր եւ այդ յուսահատութեան մէջ դեռ նուազ յոյս մը կը պահէր եթէ մէկը այդ գազաններէն զինքը չի տեսնէր. բայց աչն յոյսն էլ ոչնչացաւ, երբ հազիւ թէ կղզուոյն եւ բերդին մէջտեղի միջոցն հասաւ, տեսաւ, որ մէկ, երկու, երեք եւ դեռ քանի մը հատ ճիւաղներ իրենց մէջ կը խոսէին. թէպէտ լեզունին չէր հասկնար, բայց կ'իմանար իրենց շարժմունքեն թէ իւր վրայ կը խոսէին, եւ իրեն հասնելու հնարք կը փնտրէին: Յուսահատութիւնը արտաքոյ կարգի զօրութիւն մը տուած էր իրեն, զարմանալի յաջողութեամբ կը թիավարէր եւ նոյն միջոցին կը եսներ, որ քանի մը հատ այդ ճիւաղներէն կը թողուին իրենց զգեստները կը նետուէին ջուրը չուր ետեւեն. ոմանք շուտ մը ետ կը դառնաչին, բայց ահագին խափշիկ մը ձուկի պէս կը լողար եւ, երբ ինք կղզուոյն ափունքը գտաւ, այդ գազանը կէս ճամփան առած էր արդէն, ուստի անշփոթ փոքրիկ տղուն ձեռքեն բռնեց գիրկն առաւ: «Դու այստեղ այս լճափը նստէ, սիրուն Արփենիս, իմ աննման զաւակս, իմ գեղեցիկ հրեշտակս, աստուած քեզի պահապան լինի, մեր թշուառութիւնը քեզի ողորկութիւն դարձնէ եւ երջանիկ ընէ», – ըսաւ, համբոյրներով ծածկելով նորա երեսները եւ աչս առաջին անգամ աչս պարագային մէջ արցունքով թրջեց. եւ դնելով կղզին ծածկող ձարխոտին վրան` եղէգներու վարագուրի մը ետին` «Դու այստեղ պահուէ, զքեզ մէկը չտեսնէ, մինչեւ որ մենք գանք», – ըսաւ. տղան շփոթած մօրը խօսքը մտիկ ըրաւ եւ ձարխոտին մէջ ծածկուեցաւ: Ան ատեն ինք ձեռքերը երկինք տարածեց, կարճ աղօթք մ՚ըրաւ մտքեն, վերջը գօտին քակեց Նազէնիկին գօտուոյն անցած եւ իրեն կապեց եւ մակոյկին մէջի պզտի խարսխին չուանը նուչնպես իւր մէջքին կապեց եւ անթարթափ աչօք սկսաւ նաչիլ այդ սեւ խափշիկին, որ քանի կ'երթար կը մօտենար, երբ իւր ընկերներն ամէնքը յուսահատ ետ դարձեր էին: Երբ տեսաւ, որ քանի մը նաւակի միայն միջոց մնաց չուր եւ նորա մէջ, ողորմուկ ձաչնով` «Տէ՛ր, մի՛ համարիր զայս ինձ ի մեղս», – ըսաւ եւ ղրկելով գգուելով իւր Նազէնիկը, նետուեցաւ լճին մէջք Թշուա՜ռ կին, չի տեսաւ նետ մը, որ նոյն միջոցին սլացաւ եւ զարկաւ խափշիկը, չի լսեց ձայն մը, որ գոչեց. «Ա՜յ Տիկին, մի…» …լճին խաղաղ ջուրերը ճղքուեցան րոպէ մը կղզուոյն քով` եւ վայրկեան մը ետքը կատարեալ միապաղաղ ծածկեցին այդ համեստութեան զոհը եւ գեղեցկութեան հրեշտակը: Քիչ անդին սոսկալի յիշոցք մը լսուեցաւ, ջուրը կարմիր ներկուեցաւ եւ ճղփիւն մը լսուեցաւ, որ իջեցուց լճին յատակը խափշիկին մարմինը:
Լճին եղերքը թափառող անօրինաց աչքերը տեսան այդ կնոջ եւ իր աղջկան ջուր նետուիլը, իրենց սեւերես ընկերոջ անունը գոչեցին քանի մը անգամներ. եւ երբ տեսան ձայն, պատասխան չի կար, յուսահատ` ժամանակ չի կորսնցնելու եւ բերդին աւարեն չի պակսելու համար թողին ծովեզրը եւ ներս մտան:
Ան ատեն լճին եղէգնուտին կողմեն ջուրը շարժեցաւ, հիմա ուրիշ մէկն էր կը լողար, բայց այնպէս որ հազիւ քիթը դուրս էր ջրէն, թեւերը չէին շարժէր այլ ոտքերուն մահտները միայն, եւ այս գողի պէս լողացող մարդը եկաւ մօտեցաւ կղզուոյն անշշունջ, առանց երեւալու` միշտ եղէգներու սեզերն իրեն վարագոյր պահելով ելաւ ցամաք եւ գետնի վրայ սողալով գրեթէ եւ ոչ քայլելով իբրեւ թէ բան մը կը փնտրեր, եւ վերջապէս դտաւիր փնտրածը: Արփենի նստած` երկու թեւերով ծունկերը գրկած` խոտերուն մէջ կէս մը կորսուած կը մտածէր. անշուշտ ինքնիրեն «Մայրիկը ուշացաւ» կ'ըսէր, երբ կամաց, հաստ եւ իրենց շատ ծանօթ ձայն մը «Արփենի, Արփենի, սիրուն Արփենի, հոս ի՞նչ կ'ընես» ըսաւ:
– Զաւէն հայրիկ, դո՞ւ ես, մայրիկին կը սպասեմ, – զրուցեց աղջիկը տեղաց ցատկելով:
– Մայրիկը զիս ղրկեց քեզ տանելու համար, եկ երթանք:
– Բայց դու լիճն ընկեր ես, Զաւէն հայրիկ, վրադ գլուխդ բոլոր թրջէր է:
– Հոգ չէ երբ ես ջուրն ընկնիմ, աղջիկս:
– Բայց մայրիկը կըսէ, որ ջուրն ընկնիք` կը խեղդվփք:
– Այդ ինձ համար չէ, սիրուն Արփենի, աստուած քեզ պահէ, որդեակ:
– Ինչո՞ւ երեսդ անդին կը դարձնես, Զաւէն հայրիկ:
– Արեւն աչքիս կը զարնէ անոր համար: Բայց հիմա խօսելու ատեն չէ, եկ ինձ, որդեակ:
– Ինչ կ'ընես, Զաւէն հայրիկ, զիս կը թրջես, բոլոր ջուր եղայ:
– Հոգ չէ, Արփենի, դու ձայն մի՛ հանէր, ամենեւին մի՛ խօսիր, մինչեւ որ ցամաք ելնենք:
Խեղճ տղան կուրծքին վրայ պառկեցուցած նոյնպէս լողալով կ'երթար Զաւէն մինչեւ ցամաքը գտան. այն ատեն եղէգներու մէջ ելաւ կանգնեցաւ, հագաւ իր սպառազինութիւնը, եւ երբ աչքը դարձուց Վարդանաբերդի տեսաւ մուխ մը կը բարձրանար. աչվները կրակ դարձած սոսկալի յիշոցք մը տուաւ ատամները կրճտելով, այնպէս որ Արփենի սոսկմամբ «Ի՜նչ եղար, Զաւէն Հայրիկ» ըսելով սկսաւ փախչիլ. «Կա՛ց որդեակ, կա՛ց Արփենի, միտքս չեկաւ թէ հրեշտակներու քով ամէն պարագայի մէջ իրենց լեզուին չափ պէտք է դնեն», զրուցեց եւ ուժով մը սուլեց. Վայրկեան մը չանցած իր նժոյգը եկաւ վազելով եւ եղէգները կոտրտելով: Իսկ երբ Արփենին գիրկն առաւ Զաւէն, խելօք ձին մեշքը խոնարհեցուց, որ դիւրութեամբ հեծնա զինուորը, եւ Կ'աղզուանայ ճամփան բռնեցին:
ԳԼՈՒԽ Դ
ՇԼԵԳԵԼԶաւէն Հայրիկի զիրկը ձիու վրայ ճանապարհորդել Արփենի շատ կը սիրէր, ուստի նախ Հաճելի եղաւիրեն այս երթը, բայց երկու ծանր խնդիրներ կային իրեն Համար, որ պէտք էր լուծուէին, ուստի ըսաւ.
– Մայրիկը, Նազէնիկը ո՞ւր գնացին, գիտե՞ս:
– Գիտեմ որդեակ, – պատասխանեց ծեր զինուորը թէպէտ ձայնը այնչափ արտասուալից էր, որ`
– Հայրիկ, դուն կուլա՞ս, – ըսաւ պզտիկը եւ գլուխը վեր առաւ Զաւէնի երեսը տեսնելու համար` բայց միայն մօրուքը տեսաւ:
– Չէ, որդեակ, ի՛նչ կայ լալու, Հարբուխ եղած եմ քիչ մը, այն է:
– Թրջեցար անկից է, մայրիկը կըսէ թէ երբ մէկը թրջի` Հարբուխ կը լինի, ես էլ հարբուխ պիտի ունենամ: Այնպէ՞ս չէ, Հայրիկ, զգեստներս բոլոր թաց են:
Ծերը` այս հարցաքննութենեն, ուր մայրիկին բոլոր խօսքերը մէկ-մէկ վկայութիւն էին այնպէս Յուզուած էր, որ կը շփոթէր պատասխան տալ եւ կը սպասէր, որ Արփենի խօսքը փոխէր. եւ իրօք ժամանակը եկած էր` Արփենի երկրորդ խնդիրն առաջարկից.
– Հայրիկ, նախաճաշիկ ե՞րբ պիտի ընենք, ես անօթի եմ:
– Հիմա քանի մը վայրկեանեն, – ըսաւ ծեր զինուորը եւ շուրջը կը նայէր, մտածելով թէ ո՞ւր էր, վասնզի միտքը բոլոր այդ սոսկալի եղեռնին էր, որ աչքին առաջ դարձած էր, եւ յիշելով թէ գոնէ քառորդ մը ժամանակ պէտք էր գիւղը հասնելու, ձիուն ձայն տուաւ, որ շտապէ, եւ սկսան թռչիր Եւ Արփենի ուրախութեան ձայներ կը ձգէր: Ահա գիւղ մը երեւցաւ. բայց ձայն ձուն չի կար, շուն մը նաեւ չի կար, որ հաչէր. «Տէր աստուած, – կ'ըսէր ծեր զինուորն ինքնիրեն, – միթէ արաբին ոտքը հո՞ս էլ հասեր է. բայց ոչ, խոտ էլ կայ, կանաչ էլ կայ»: Վերջապէս իջաւ ձիեն, պտոյտ ըրաւ, ձայնեց, գոչեց, պատասխան տուող չեղաւ. երբ մտքեն կ'անցնէր դուռը խորտակել եւ քանի մը ոտք էլ առաւ, ահա պառաւ կին մը նստած արեւուն մէջ դռան առաջ իլը ձեռքը կը մանէր, եւ այնպէս խոր զբաղած էր իւր մտածութեանց մէջ, որ ոչ ոտքի ձայն, ոչ զէնքի շառաչ զինք չէին արթնցնէր:
– Բարի՛ լոյս, մայրիկ, – ըսաւ իր բնական ձայնով. պատասխան չի կար, եւ որովհետեւ Զաւէն իւր տեսակին մէջ դիտողական փիլիսոփայութենէ զուրկ չէր, եւ դիտէր թէ ընդհանրապէս մարդիկ մանաւանդ կանայք կը սիրեն իրենց տարիքը պզտիկցնել, ուստի ձայնեց.
– Բարի՛ լոյս գա վրադ, քուրիկ:
Դարձեալ պատասխան չի կար. առաջ անցաւ զինուորը եւ երբ ստուերը պառաւին վրայ ինկաւ, նա անխռով գլուխը վեր առաւ եւ չափելով դիմացինը անգամ մը